2014-11-04 09:55:41

''Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն'' կազմակերպութեան տեղեկագիրը` կրօնական ազատութիւնը նահանջ կ`արձանագրէ աշխարհի մէջ. քրիստոնեաները ամենէն հալածուած փոքրամասնութիւնն են։


(Ռ.Վ. 4 նոյեմբեր 2014) - ֆրանսայի մէջ լոյս տեսաւ Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն հաստատութեան տարեկան տեղեկագիրը որուն ընդմէջէն ի յայտ կու գայ կրօնական ազատութեան նահանջը աշխարհի մէջ եւ մասնաւորապէս քրիստոնեայ հասարակութիւններու հանդէպ կիրարկուած հալածանքները։
Աշխարհի 196 երկիրներու 81ը կը սահմանափակէ կրօնական ազատութիւնը։ 20 այլ երկիրներու մէջ կրօնական ազատութիւնը բացակայ է, ուր անհատը չի կրնար հրապարակաւ դաւանիլ իր հաւատքը, այդ երկիրներու 14-ը մահմետական երկիրներ են։
Տեղեկագիրի գնահատումին համաձայն քրիստոնեաները ամենէն աւելի հալածուած փոքրամասնութիւնն են աշխարհի մէջ։ Արեւմուտքին մէջ ընդհանրապէս կրօնքը նկատուած է որպէս առանձնական ապրում մը։ Հակասեմականութեան ալիքը կը զօրանայ եւ շատ մը մահմետականներ այլ մահմետականներէն հալածուած են։
Տեղեկագիրը կոչ կ'ընէ կրօնապետերուն որպէսզի հրապարակաւ եւ վճռակամ ընդդիմանան ու դատապարտեն հալածանքի ու խտրականութեան ալիքներուն։







All the contents on this site are copyrighted ©.